Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ երէկ տեղի ունեցաւ Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան («Փրեմիեր-Լիկ») 2021-2022 տարեշրջանի առաջին հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Նոր տարեշրջանին մեկնարկը կը տրուի 14 օգոստոսին, մինչ ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումը կը կատարուի 22 մայիս 2022-ին:
Երկրին ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի Ա. հանգրուանի մրցումներուն հիւրը պիտի ըլլայ Թոթենհամին, փոխախոյեան Մանչեսթըր Եունայթըտ կը հիւրընկալէ Լիծ Եունայթըտը, մինչ Լիվըրփուլ կը հիւրընկալէ Նորուիչ Սիթին: