Հայաստանի աղջկանց ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ երէկ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ իր երկրորդ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումը կատարեց Ղազախստանի դէմ, պարտուեցաւ 3-0 արդիւնքով, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշենք, որ առաջին մրցումին Հայաստան արձանագրած էր 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, նոյն մարզադաշտին վրայ:
Իսկ Հայաստանի աղջկանց 19 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ Մինսքի մէջ դարձեալ հիւրը եղաւ Պիելոռուսիոյ, անկէ կրեց քիչ մը ծանր պարտութիւն մը` 7-1 արդիւնքով:
Հայրենի կազմին միակ կոլը նշանակեց Կարինէ Եղեան:
Անոնց միջեւ կատարուած առաջին մրցումին եւս յաղթականը եղած էր Պիելոռուսիա` 3-0 արդիւնքով:



