Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող կազմերէն Փիւնիկ Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ 22 տարեկան միջնապահ Էտկար Մովսէսեան միացաւ իրենց կազմին:
Մովսէսեան, որ Բանանցի (ներկայիս Ուրարտու) սան է, նախապէս մաս կազմած է Ֆորեսթայի (Ռումանիա), Նոայի եւ Վանի:
Նշենք, որ Փիւնիկ Երեւան Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանը աւարտեց 7-րդ դիրքին վրայ:



