Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը երեքշաբթի, 15 յունիսին, իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց ժողով մը, որուն ընթացքին յայտարարեց, որ երկու թեկնածուներ` Հաշեմ Հայտար եւ Մուսա Հըժէյժ իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են ֆետերասիոնի նախագահի պաշտօնին համար, մինչ 18 ուրիշներ թեկնածու ներկայացած են ֆետերասիոնի ընտրութիւններուն:
Այդ 18-ին կարգին է նաեւ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչը` Վահրամ Պարսումեան, որ արդէն իսկ նստաշրջանի մը համար մաս կը կազմէր ֆետերասիոնին, նախորդ չորս տարիներուն:
Նշենք, որ մնացեալ թեկնածուներն են.
Մազեն Քուպէյսի, Իսամ Սայեղ, Ռեմոն Սըմաան, Մուսա Մաքքի, Սըմաան Տուէյհի, Ուաէլ Շըհայեպ, Ժորժ Սուլաժ, Մահմուտ Ռըպաա, Ապտալլա Նապուլսի, Ահմետ Ամարէտտին, Ասաատ Սըպլինի, Նազարէթ Սէօքիւնեան, Ուաֆիք Իպրահիմ, Էմիլ Ռըսթոմ, Ռաէտ Սատտիք եւ Նասեր Ազրա:
Ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը նշեց, որ միայն մէկ անձի թեկնածութիւնը մերժուեցաւ, որովհետեւ անոր թղթածրարը ամբողջական չէր:



