Հայաստանի ներկայացուցիչ Անդրանիկ Աւետիսեան հանդիսացաւ Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի պատանեկան ախոյեանութեան ախոյեան, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Պուլկարիոյ Սամոքով քաղաքին մէջ տեղի ունեցող 55 քկ դասակարգի մրցումներուն, հայրենի ըմբիշը, որ աւարտականին ճակատեցաւ վրացի Թամազի Սուլամանիցէի դէմ, արձանագրեց 11-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նախքան աւարտականին հասնիլը, ան յաղթեց իր ռուս (14-3), ռումանացի (10-0) եւ ազրպէյճանցի (10-5) մրցակիցներուն:
Նոյն իրագործումը արձանագրեց Արէն Իսրայէլեան, որ 71 քկ դասակարգին մէջ հանդիսացաւ ախոյեան` աւարտականի իր կատարած մրցումին 12-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր ռուս մրցակիցին:
Հայաստանի համար պրոնզէ մետալներ ապահովեցին Սարգիս Բեգոյեան (48 քկ), Անուշաւան Բարսեղեան (65 քկ) եւ Նարեկ Գրիգորեան (80 քկ):
Նշենք, որ պրոնզէ մետալին համար իր մղած պայքարին, Գրիգորեան յաղթեց իր ազրպէյճանցի մրցակիցին:




