Մարզական

«Եւրօ-2020». Լեհաստանի Անակնկալ Պարտութիւնը` Սլովաքիայէն. Այսօր` Ֆրանսա-Գերմանիա Տաք Ճակատում

«Եւրօ-2020». Լեհաստանի Անակնկալ Պարտութիւնը` Սլովաքիայէն. Այսօր` Ֆրանսա-Գերմանիա Տաք Ճակատում

Երէկ` երկուշաբթի, 14 յունիսին, «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին չորրորդ օրը, կատարուեցան երեք ճակատումներ: Ե. խմբակին մէջ, Սպանիա 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Շուէտի մէջ, մինչ Լեհաստան 2-1 արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Սլովաքիայէն: Սլովաքիա իր յաղթանակի կոլը նշանակեց 69-րդ վայրկեանին: Ինչ կը վերաբերի երէկուան երրորդ մրցումին, Դ. խմբակին մէջ Չեխիա 2-0 արդիւնքով յաղթեց Սկովտիոյ: Փաթրիք Շիք նշանակեց Չեխիոյ երկու կոլերը: Այսօր`...

Ճատրակ.  Մանուէլ Պետրոսեան` Ստեփան Աւագեանի  Յուշամրցաշարքի Տիտղոսակիր

Ճատրակ. Մանուէլ Պետրոսեան` Ստեփան Աւագեանի Յուշամրցաշարքի Տիտղոսակիր

Երէկ` երկուշաբթի, 14 յունիսին Ջերմուկի մէջ աւարտեցաւ Ստեփան Աւագեանի անուան ճատրակի միջազգային յուշամրցաշարքը: Առաւելագոյն 9 կէտէն 5,5 կէտ ապահովելով` մրցաշարքին տիտղոսակիր դարձաւ կրանտմասթըր Մանուէլ Պետրոսեան: Ան այսպիսով տիտղոսին կը տիրանայ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով: Նոյնքան կէտ ապահոված Շանթ Սարգսեան գրաւեց երկրորդ դիրքը: Իսկ Արամ Յակոբեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Տիգրան Յարութիւնեան, որոնք ապահովեցին 5-ական կէտ, բաժնեցին 3-5-րդ դիրքերը: Այս մրցաշարքին...

Ճատրակ.  Լեւոն Արոնեանի Ա. Հանգրուանի Մրցակիցը`  Ազրպէյճանցի Մամետեարով

Ճատրակ. Արոնեան Հաւասարութիւն Մը Արձանագրեց Ռաճապովի Հետ

Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրեշի մէջ տեղի ունեցած «Կրանտ-Չես-Թուր»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքի 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի ճակատումներուն, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ ճերմակ քարերով մրցեցաւ ազրպէյճանցի Թէյմուր Ռաճապովի դէմ, արձանագրեց հաւասարութիւն մը` 14-րդ շարժումին: Առաւելագոյն 9 կէտէն 5 կէտ ապահովելով, Արոնեան գրաւեց երկրորդ դիրքը: Տիտղոսին տիրացաւ ազրպէյճանցի Շահրիար Մամետեարով, որ ապահովեց 6 կէտ:  

Ծանրաբարձութիւն.  Հայրենի Մարզիկները Ուսումնամարզական  Հաւաք Կը Կատարեն Աբովեանի Մէջ

Ծանրաբարձութիւն. Հայրենի Մարզիկները Ուսումնամարզական Հաւաք Կը Կատարեն Աբովեանի Մէջ

Հայաստանի ծանրաբարձութեան տղոց հաւաքականը սկսաւ ողիմպիական խաղերու նախապատրաստական վերջնական հանգրուանին, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Աբովեանի մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցող այս ուսումնամարզական հաւաքը տեղի կ՛ունենայ մարզիչ Վիգէն Խաչատրեանի գլխաւորութեամբ: Թոքիոյի 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն մասնակցելու կարելիութիւն պիտի ստանան Սիմոն Մարտիրոսեան եւ Իզապելլա Եայլեան: Հայաստանի հաւաքականին ուսումնամարզական հաւաքը նախատեսուած է մինչեւ յուլիսի կէսը: Հաւաքին կը մասնակցին 14 մարզիկներ:

Արտակ Եդիգարեան Հեռացաւ  Արարատ-Երեւանէն

Արտակ Եդիգարեան Հեռացաւ Արարատ-Երեւանէն

Արարատ-Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ակումբին մաս կազմող 31 տարեկան ֆութպոլիստ Արտակ Եդիգարեան այսուհետեւ ելոյթ պիտի չունենայ այդ ակումբի կազմին հետ, որովհետեւ հեռացաւ անկէ: Ան նախորդ տարեշրջանի մեկնարկէն առաջ միացած էր Արարատին, որուն հետ ընդամէնը կատարեց 22 մրցում:

Արամ Քոչարեան Հանդէս  Պիտի Գայ Փիւնիկի Հետ

Արամ Քոչարեան Հանդէս Պիտի Գայ Փիւնիկի Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող կազմերէն Փիւնիկ Երեւան ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ միջնապահ Արամ Քոչարեան միացաւ կազմին: 25 տարեկան ֆութպոլիստը, որ Բանանց Երեւանի (ներկայիս` Ուրարտու) սան է, նախապէս մաս կազմած է Արարատի, Լոքոմոթիւի, Գանձասարի եւ Լոռիի:

«Քոփա Ամերիքա».  Պրազիլի Եւ Քոլոմպիոյ  Յաղթական Մեկնարկը

«Քոփա Ամերիքա». Պրազիլի Եւ Քոլոմպիոյ Յաղթական Մեկնարկը

Երէկ` երկուշաբթի, մեկնարկը տրուեցաւ «Քոփա Ամերիքա»-ի 2021-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, եւ անոր առաջին օրը կատարուեցան երկու մրցումներ` Ա. խմբակին մէջ: Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող այս մրցաշարքին, դաշտին տէրը` Պրազիլ, որ 5 անգամ հանդիսացած է աշխարհի ախոյեան, սկսաւ վստահ յաղթանակով մը, երբ 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Վենեզուելան: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Մարքինիոս (23-րդ), Նէյմար (64-րդ` փենալթիով) եւ Կապրիել Պարպոսա (89-րդ): Նոյն խմբակին...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Անդրանիկ Պէյրութ-ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 61-59

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Անդրանիկ Պէյրութ-ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 61-59

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 13 յունիսին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) տեղի ունեցաւ Անդրանիկ Պէյրութ-ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումը: Անիկա աւարտեցաւ հիւրընկալ կազմին յաղթանակով` 61-59 արդիւնքով (19-13, 31-27, 43-51 եւ 61-59): Նշենք, որ Անդրանիկ Պէյրութ մրցումին վերջին երկվայրկեաններուն իր յաղթանակը կերտեց պազըր-պիթըրով: Ցարդ իր կատարած մրցումներուն ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ մրցում մը նուազ կատարած...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պէյրութ-Նըժում` 0-2

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ-Նըժում` 0-2

Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 13 յունիսին Նըժմէի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պէյրութ-Նըժում մրցումը: ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական կազմը, որ նախորդ մրցումին յաղթանակ արձանագրած էր, երէկուան այս մրցումին չկրցաւ իր յաղթական ընթացքը շարունակել եւ իր մրցակիցէն կրեց 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:  

Ֆութսալ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Յաղթեց Յառաջատարին  Եւ Անկէ Խլեց Պարագլուխի Դիրքը

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Յաղթեց Յառաջատարին Եւ Անկէ Խլեց Պարագլուխի Դիրքը

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 12 յունիսին, Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) տեղի ունեցաւ Կլոպըլ Եունիվերսիթի-ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ գագաթի ճակատումը: Անիկա աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի տինամիք կազմին յաղթանակով, որ 7-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց յառաջատարը: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, ՀՄԸՄ անկէ խլեց պարագլուխի դիրքը եւ դարձաւ նոր յառաջատարը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 10 կէտ:...

Թեքուանտօ.  Ասիոյ Ֆետերասիոնին Նախագահը` Լիբանանի Մէջ

Թեքուանտօ. Ասիոյ Ֆետերասիոնին Նախագահը` Լիբանանի Մէջ

Ուրբաթ, 11 յունիսին, Ասիոյ թեքուանտոյի ֆետերասիոնին նախագահը` Քիօ Սիոք, հասաւ Լիբանան, անձամբ ներկայ գտնուելու համար Ասիոյ թեքուանտոյի տղոց եւ աղջկանց ախոյեանութեան (սեւ գօտի), որ առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ 14-18 յունիսին, «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ): Պէյրութի միջազգային օդակայանին պատուոյ սրահին մէջ, Քիօ Սիոք դիմաւորուեցաւ Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի նախագահ Հապիպ Զարիֆէի կողմէ:    

«Եւրօ-2020».  Դանիա Պարտուեցաւ Էրիքսընի Ուշագնաց Ըլլալէն Ետք. Անգլիա Յաղթեց Աշխարհի Փոխախոյեանին

«Եւրօ-2020». Դանիա Պարտուեցաւ Էրիքսընի Ուշագնաց Ըլլալէն Ետք. Անգլիա Յաղթեց Աշխարհի Փոխախոյեանին

Երէկ եւ նախանցեալ օր Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Եւրօ-2020»-ի ծիրին մէջ, կատարուեցան վեց մրցումներ: Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Եւրոպայի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն մասնակցող Ֆինլանտայի ազգային խումբը Բ. խմբակի առաջին հանգրուանի մրցումներուն նուազագոյն հաշիւով յաղթեց Դանիոյ: Դանիոյ մայրաքաղաք Քոփենհակընի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին միակ կոլը նշանակուեցաւ 60-րդ վայրկեանին մինչ 74-րդ վայրկեանին Դանիոյ մէկ մարզիկը ի նպաստ իր կազմին փենալթի...

Հայաստանի Ֆութպոլի Աղջկանց Ազգային  Հաւաքականը Յաղթեց Ղազախստանին

Հայաստանի Ֆութպոլի Աղջկանց Ազգային Հաւաքականը Յաղթեց Ղազախստանին

Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ, նախանցեալ օր ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին Հայաստանի աղջկանց ազգային հաւաքականը հիւրընկալեց Ղազախստանը: Մրցումը աւարտեցաւ հայրենի կազմին յաղթանակով` 2-1 արդիւնքով: Հայաստանի կոլերը նշանակեցին Մարալ Արթին եւ Արմինէ Խաչատրեան: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ երեքշաբթի, 15 յունիսին, երկու կազմերը նոյն վայրին մէջ դարձեալ իրարու դէմ յանդիման պիտի գան:  

Արթուր Պետրոսեան Հեռացաւ Ցիւրիխի  21 Տարեկանէն Վար Խումբին  Գլխաւոր Մարզիչի Պաշտօնէն

Արթուր Պետրոսեան Հեռացաւ Ցիւրիխի 21 Տարեկանէն Վար Խումբին Գլխաւոր Մարզիչի Պաշտօնէն

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ եւ նախկին մարզիչ Արթուր Պետրոսեան հեռացաւ Ցիւրիխի (Զուիցերիա) 21 տարեկանէն վար խումբի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնէն: Զուիցերիական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ անոր պայմանագրութեան ժամկէտը հասաւ իր աւարտին: Պետրոսեան, որ ծնած է 17 դեկտեմբեր 1971-ին, Գիւմրի (Լենինական) քաղաքին մէջ, 2016-2018 ժամանակամիջոցին գլխաւորած է Հայաստանի ազգային հաւաքականը:  

Հայկական Ֆութպոլ.  Գէորգ Ղազարեան Հիւրը Եղաւ Ուրարտուին

Հայկական Ֆութպոլ. Գէորգ Ղազարեան Հիւրը Եղաւ Ուրարտուին

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Գէորգ Ղազարեան երէկ հիւրը եղաւ Ուրարտու ֆութպոլի ակումբին: Ուրարտու ֆութպոլի ակումբի պատանի ֆութպոլիստները այս անգամ հիւրընկալեցին հայրենի հաւաքականի եւ յունական Լամիայի միջնապահ Գէորգ Ղազարեանը: Փորձառու ֆութպոլիստը վարպետութեան դաս տուաւ ակադեմիայի սաներուն, կիսեց իր գիտելիքները, ինչպէս նաեւ պատասխանեց անոնց հարցումներուն: Հանդիպումին աւարտին Ղազարեան լուսանկարուեցաւ պատանի ֆութպոլիստներուն հետ:

Սարգիս Յովհաննիսեան Հեռացաւ  Լոքոմոթիւ Մոսկուայէն

Սարգիս Յովհաննիսեան Հեռացաւ Լոքոմոթիւ Մոսկուայէն

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին ֆութպոլիստ Սարգիս Յովհաննիսեան հեռացաւ Լոքոմոթիւ Մոսկուայի հիմնական խումբին մարզչական խմբակէն, այս մասին յայտնեց ռուսական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշուեցաւ, որ անոր պայմանագրութիւնը աւարտեցաւ Լոքոմոթիւի հետ: Ան 1994 թուականէն իբրեւ ֆութպոլիստ մաս կազմած է Լոքոմոթիւին` անոր հետ դառնալով Ռուսիոյ բաժակակիր, փոխախոյեան եւ պրոնզէ մետալակիր: Իսկ 2004-էն ի վեր մաս կազմած է Լոքոմոթիւի մարզչական խմբակին: Նշենք, որ Յովհաննիսեան...

Ճատրակ.  Լեւոն Արոնեանի Երկրորդ  Յաջորդական Յաղթանակը

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեանի Երկրորդ Յաջորդական Յաղթանակը

Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան երէկ` կիրակի, 13 յունիսին իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրեշի մէջ տեղի ունեցող «Կրանտ Չես Թուր»-ի «Սուփըրպեպ Չես Քլասիք» դասական ճատրակի մրցաշարքին: Նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, հայրենի կրանտմասթըրը, որ կը մրցէր սեւ քարերով, 62-րդ շարժումին պարտութեան մատնեց ռումանացի Պոկտան-Տանիել Տէաքին: Արոնեան, որ այսօր վերջին հանգրուանի մրցումներուն պիտի մրցի ազրպէյճանցի Թէյմուր Ռաճապովի դէմ, այժմ 4,5 կէտով...

«Ռոլան Կարոս».  Չեխ Պարպորա Քրեժսիքովա Եւ Սերպ  Նովաք Ճոքովիչ Տիտղոսակիր` Ֆրանսայի Մէջ

«Ռոլան Կարոս». Չեխ Պարպորա Քրեժսիքովա Եւ Սերպ Նովաք Ճոքովիչ Տիտղոսակիր` Ֆրանսայի Մէջ

Աղջկանց թենիսի աշխարհի միջազգային դասաւորման 33-րդ դիրքին վրայ գտնուող չեխ` Պարպորա Քրեժսիքովա նախանցեալ օր հանդիսացաւ Ֆրանսայի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց ախոյեանութեան («Ռոլան Կարոս») տիտղոսակիր, երբ աւարտական մրցումին 6-1, 2-6 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Ռուսիոյ ներկայացուցիչ, 32-րդ դասուած Անասթասիա Փաւլիուշենքովայի դէմ: Յաջորդաբար 6-րդ տարին ըլլալով այս մրցաշարքը ունեցաւ իր 6-րդ տարբեր ախոյեանը: 25 տարեկան Քրեժսիքովա, որ այսպիսով իր...

Հաղորդագրութիւն

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ-Նըժում

Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 13 յունիսին տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ Պէյրութ-Նըժում մրցումը: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 16:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Նըժմէի դաշտին վրայ: ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբին համար վաղուան այս մրցումը պիտի ըլլայ բաւական կարեւոր` վտանգաւոր գօտիէն հեռանալու համար: Կ՛ակնկալուի, որ ՀՄԸՄ-ի կազմին մարզիկները լաւապէս գործադրեն իրենց փորձառու մարզիչին` Վաչէ Սարգիսեանի...

Ֆութսալ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Կլոպըլ  Եունիվըրսիթի

Ֆութսալ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Կլոպըլ Եունիվըրսիթի

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 12 յունիսին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը բաւական կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք Կլոպըլ Եունիվըրսիթիի դէմ: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ): Նշենք, որ թէեւ երկու կազմերն ալ ցարդ անպարտելի են, սակայն ՀՄԸՄ արձանագրած է երկու յաղթանակ...

Page 498 of 1279 1 … 497 498 499 … 1,279

Արխիւներ