Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող կազմերէն Փիւնիկ Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ ակումբը երկու ֆութպոլիստներու պայմանագրութիւնը երկարաձգեց:
Նշուեցաւ, որ բերդապահ Սթանիսլաւ Պուչնեւի եւ միջնապահ Արթուր Գրիգորեանի պայմանագրութիւնները երկարաձգուեցան ակումբին կողմէ:
Անոնք երկուքը Փիւնիկին միացած էին 2020-ի ամրան:



