Հայաստանի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Վարազդատ Աւետիսեան, որ նախապէս արդէն իսկ գլխաւորած էր 17 եւ 19 տարեկանէն վար հաւաքականները:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ նախկին գլխաւոր մարզիչ Արտակ Օսէեանի հետ պայմանագրութիւնը խզուեցաւ փոխադարձ համաձայնութեամբ:
19 տարեկանէն վար հաւաքականը, Վարազդատ Աւետիսեանի գլխաւորութեամբ, պիտի պատրաստուի Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ախոյեանութեան:
Նշենք, որ հաւաքականը 18-22 յունիսին մարզական հաւաք պիտի կատարէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ակադեմիային մէջ: