Նախարարի տեղակալը հետաքրքրուեցաւ Վարշամ Գէորգեանի` ազրպէյճանցի Էլմար Իպրահիմովի դէմ 25 յունիսին «ԷՄ. ԷՄ. ԷՅ.»-ի արհեստավարժ մրցաշարքին գծով տեղի ունենալիք մենամարտին մասին, որ պիտի կատարուի Ալմաթիի մէջ (Ղազախստան):
Նշենք, որ Գէորգեան այս մենամարտը կատարելու առաջարկը ստացաւ ազրպէյճանական կողմէն եւ, ինչպէս ան նշեց, վճռական տրամադրուածութեամբ ընդունած է զայն:
Կարէն Գիլոյեան յաջողութիւն մաղթեց Գէորգեանին, որ խոստացաւ ամէն գնով բարձր պահել Հայաստանի մարզական պատիւը եւ յաղթել իր մրցակիցին:



