Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը եւ «Սփորթց Մանիա» միացեալ մամլոյ ասուլիս մը տալով պաշտօնապէս յայտարարեցին, որ տեղի պիտի ունենայ թենիսի մրցաշարք մը` այս մարզաձեւին մէջ յատուկ տաղանդ ունեցող անհատ մարզիկներու համար:
Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալ, ֆետերասիոնի այլ անդամներ, «Սփորթ Մանիա»-ի նախագահ Թարեք Ապպուտ, մարզիչ Ռիշար Հաժ, մարզական լրագրողներ, ինչպէս նաեւ մարզիկներ:
Նշենք, որ այս մամլոյ ասուլիսը տեղի ունեցաւ «Ռալֆ Ապի Քարա» ակումբին մէջ (Պայյատա):
Այս մրցաշարքը պիտի երկարի վեց շաբթուան վրայ, եւ իւրաքանչիւր կիրակի օր մրցումներ պիտի կատարուին տարբեր դաշտերու վրայ:
Առաջին հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 20 յունիսին, «Նահտա» ակումբին մէջ (Պէյրութ), իսկ վերջին հանգրուանը` «Ռալֆ Ապի Քարամ» ակումբին մէջ, կիրակի, 8 օգոստոսին:
Տեղի պիտի ունենան տղոց եւ աղջկանց 10, 14 եւ 18 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներ:
Տիտղոսակիրները պիտի ստանան մրցանակներ եւ նիւթական պարգեւներ: