Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ Գերմանիա-Հայաստան մրցումը տեղի պիտի ունենայ Շթութկարթի մէջ գտնուող «Մերսետես Պենզ Արենա» մարզադաշտին վրայ:
Նշենք, որ այս մրցումը, որ կ՛իյնայ Ժ. խմբակին մէջ, տեղի պիտի ունենայ 5 սեպտեմբերին:
Զտումի Գ. հանգրուանի մրցումներէն ետք, Հայաստան այժմ 9 կէտով կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը: Գերմանիա ունի 6 կէտ:



