«Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Ա. խմբակին մաս կազմող Իտալիա, որ Հռոմի ողիմպիական դաշտին վրայ մրցեցաւ Զուիցերիոյ դէմ, արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` դարձեալ 3-0 արդիւնքով:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Իտալիա ապահովեց փլէյ օֆի մրցումներուն իր տոմսը:
Մանուէլ Լոքաթելլի նշանակեց Իտալիոյ երկու կոլերը:
Նոյն խմբակին մէջ, Թուրքիա կրեց իր երկրորդ յաջորդական պարտութիւնը, այս անգամ` Կալեսէն, 2-0 արդիւնքով, Պաքուի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին:
Իսկ Բ. խմբակին մաս կազմող Ռուսիա արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` Ֆինլանտայի դէմ, 1-0 արդիւնքով:
Ինչ կը վերաբերի այսօրուան մրցումներուն, Բ. խմբակին մէջ, ժամը 19:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) Դանիա կը մրցի Պելճիքայի դէմ:
Իսկ Գ. խմբակին մէջ տեղի կ՛ունենան հետեւեալ մրցումները. Ուքրանիա-Մակեդոնիա (ժամը 16:00-ին) եւ Նետերլանտներ-Աւստրիա (ժամը 22:00-ին):