Ղազախստանի ֆութպոլի փոխախոյեան Թոպոլի գլխաւոր մարզիչ Գրիգորի Բաբայեան շատ հաւանաբար գլխաւորէ Ռուսիոյ Ա. դասակարգին մէջ հանդէս եկող Մոսկուայի բանակայինները, այս մասին յայտնեց ռուսական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ 41 տարեկան Բաբայեան հեռացաւ Թոպոլէն, որուն գլխաւոր մարզիչ նշանակուած էր 2019-ին:
Ղազախստանի աւարտած ախոյեանութեան Թոպոլ գրաւած էր երկրորդ դիրքը:
Ըստ ռուսական մամուլին, կը խօսուի նաեւ հայ մասնագէտի` Նիժկի Նովկորոտի (Ռուսիա) մարզիչի պաշտօնի ստանձնումին մասին: