Մարզական

Մահացաւ Անգլիացի Նախկին Ֆութպոլիստ Փոլ Մարինըր

Մահացաւ Անգլիացի Նախկին Ֆութպոլիստ Փոլ Մարինըր

Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մամլոյ քարտուղարութիւնը իր հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց, որ մահացաւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ լոնտոնեան Արսենալի նախկին յառաջապահ Փոլ Մարինըր: Ան 68 տարեկան էր: Մարինըր Անգլիոյ ազգային խումբին հետ հանդէս եկած է 1977-1985 տարիներուն` 35 մրցումի ընթացքին նշանակելով 13 կոլ: Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան մաս կազմած է նաեւ Փլայմաութի, Իփսուիչի, Փորթցմաութի եւ այլ...

Ռուի Քոսթա` Պենֆիքայի Նախագահ

Ռուի Քոսթա` Պենֆիքայի Նախագահ

Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ իտալական Ա. Սէ. Միլանի նախկին միջնապահ Ռուի Քոսթա նախորդ շաբաթավերջին դարձաւ լիզպոնեան Պենֆիքա ֆութպոլի ակումբի նախագահ, այս մասին յայտնեց փորթուգալեան ֆութպոլի ակումբի մամլոյ քարտուղարութիւնը` իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ: Ան այսպիսով փոխարինեց  Լուիս Ֆելիփէ Վիէյրան, որ նախորդ շաբաթավերջին Փորթուգալի ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուեցաւ խարդախութեան, դրամներու լուացման եւ տուրքերէ խուսափելու յանցանքով ամբաստանուելով: 49 տարեկան Ռուի Քոսթա...

«Ուիմպըլտըն». Էշլի Պարթի Տիտղոսակիր` Առաջին Անգամ Ըլլալով. Ճոքովիչ Տիտղոսակիր` 6-րդ Անգամ Ըլլալով

«Ուիմպըլտըն». Էշլի Պարթի Տիտղոսակիր` Առաջին Անգամ Ըլլալով. Ճոքովիչ Տիտղոսակիր` 6-րդ Անգամ Ըլլալով

Նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ «Ուիմպըլտըն»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցան տղոց եւ աղջկանց աւարտական հանգրուանի մրցումները: Աղջկանց տիտղոսակիր դարձաւ մրցաշարքին թիւ 1 դասուած աւստրալիացի Էշլի Պարթի, որ աւարտականին 6-3, 6-7 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց չեխ Քարոլինա Փլիսքովայի դէմ (դասուած` 13-րդ): Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց 1 ժամ 55 վայրկեան: 2012-էն ետք առաջին անգամ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Ռիատի Պէյրութ` 32-80

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Ռիատի Պէյրութ` 32-80

Երէկ` ուրբաթ, 9 յուլիսին Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանի (ֆայնըլ ֆոր) մրցումին ծիրին մէջ, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Ռիատի Պէյրութ երկրորդ մրցումը: Ռիատի, որ առաջին մրցումին յաղթած էր, երէկ եւս յաղթանակ մը արձանագրելով 80-32 արդիւնքով ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, ուր կը մրցի Պէյրութի դէմ: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.   Շանվիլ-Ռիատի Պէյրութ` 64-72

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շանվիլ-Ռիատի Պէյրութ` 64-72

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ երէկ Տիք Մըհտիի մէջ տեղի ունեցաւ Շանվիլ-Ռիատի Պէյրութ երկրորդ մրցումը: Մրցումը աւարտեցաւ հիւր կազմին յաղթանակով` 72-64 արդիւնքով (17-10, 6-20, 20-19 եւ 21-23): Նշենք, որ Ռիատի առաջին մրցումին եւս յաղթանակ արձանագրած էր: Շանվիլի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Սերճիօ Տարուիշ (22 կէտ): Օրուան իրաւարարներն էին Մարուան Էկօ, Զիատ Թաննուս...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Յետաձգեց  Իր Տարեկան Համաժողովը

Հայաստանի Ֆութպոլի Բարձրագոյն Դասակարգի Ախոյեանութեան Պիտի Մասնակցին Տասը Խումբեր

Երէկ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտարարեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն տասը խումբեր: Այդ տասը խումբերն են` Ալաշկերտ, Նոա, Ուրարտու, Արարատ, Արարատ-Արմենիա, Վան, Փիւնիկ, Սեւան, Երեւանի բանակայիններ եւ Նորավանք: Ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ չորս շրջանով: Իսկ Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն հետեւեալ եօթը խումբերը. Լեռնային Արցախ, Շիրակ, Երեւանի...

Մանուէլ Պետրոսեան Հանդիսացաւ Երկրորդ` «Սերպիա Օփըն» Ճատրակի Բաց Մրցաշարքին

Մանուէլ Պետրոսեան Հանդիսացաւ Երկրորդ` «Սերպիա Օփըն» Ճատրակի Բաց Մրցաշարքին

Հայրենի կրանտմասթըր Մանուէլ Պետրոսեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ «Սերպիա Օփըն» ճատրակի միջազգային բաց մրցաշարքին, առաւելագոյն 9 կէտէն 7 կէտ ապահովելով գրաւեց երկրորդ դիրքը: Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Սամուէլ Տէր Սահակեան, ապահովելով 6,5 կէտ գրաւեց 12-րդ դիրքը: Մրցաշարքին տիրացաւ Հնդկաստանը ներկայացնող պատանի կրանտմասթըր Նիհալ Սարին, որ ապահովեց 7,5 կէտ: Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 41 երկիրներէ 289 ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին`...

Մրցանշային Թիւով Հայ Ճատրակ Խաղացողներ Կը Մասնակցին Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարքին

Մրցանշային Թիւով Հայ Ճատրակ Խաղացողներ Կը Մասնակցին Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարքին

Ռուսական Սոչի քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ճատրակի տղոց եւ աղջկանց բաժակի մրցաշարքին Հայաստանի ճատրակ խաղացողներուն թիւը պիտի ըլլայ մրցանշային: Տղոց մրցաշարքին Հայաստանը պիտի ներկայացնեն հինգ ճատրակ խաղացողներ: Անոնք են` Լեւոն Արոնեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Յովհաննէս Գաբուզեան, Հայկ Մարտիրոսեան եւ Շանթ Սարգսեան: Այս թիւը մրցանշային է Հայաստանի համար` նկատի ունենալով, որ 2005-էն ի վեր աշխարհի բաժակի մրցաշարքի խաղարկութեան հայ մասնակցողներուն թիւը...

Հայկական Ֆութպոլ.  Գրիգոր Մելիքսէթեան Վերադարձաւ Փիւնիկ

Հայկական Ֆութպոլ. Գրիգոր Մելիքսէթեան Վերադարձաւ Փիւնիկ

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող կազմերէն Փիւնիկ Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Գրիգոր Մելիքսէթեան վերադարձաւ ակումբ: 34 տարեկան բերդապահը, որ 2009-2010 տարեշրջանին Փիւնիկի հետ հանդիսացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան, ակումբի սան եղած է: Նշենք, որ ան Հայաստանի մէջ ելոյթ ունեցած է Իմփուլս, Գանձասար, Ուլիս, Արարատ, իսկ Իրանի մէջ երեք տարբեր ակումբներու հետ:

«Եւրօ-2020».  Վաղը` Անգլիա-Իտալիա Աւարտականի Սպասուած Մրցումը

«Եւրօ-2020». Վաղը` Անգլիա-Իտալիա Աւարտականի Սպասուած Մրցումը

Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ գտնուող «Ուեմպլի» մարզադաշտը վաղը` կիրակի, 11 յուլիսին ժամադրավայրը պիտի ըլլայ «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականի ճակատումին, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի մրցին Անգլիա եւ Իտալիա: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Իսկ օրուան կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ Պիոռն Քուիփերս (Նետերլանտներ): Նշենք, որ Անգլիա, որ կիսաւարտականին յաղթեց Դանիոյ, ֆութպոլի իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ապահովեց...

Թոքիոյի Մէջ Սկսաւ Ողիմպիական Ջահի Փոխանցավազքի Աւարտական Հանգրուանը

Թոքիոյի Մէջ Սկսաւ Ողիմպիական Ջահի Փոխանցավազքի Աւարտական Հանգրուանը

Երէկ` ուրբաթ, 9 յունիսին, Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ սկսաւ ողիմպիական ջահի փոխանցավազքի աւարտական հանգրուանը` ամառնային ողիմպիական խաղերուն մեկնարկը տրուելէն ճիշդ երկու շաբաթ առաջ: Անոր ներկայ գտնուեցաւ Թոքիոյի նահանգապետ Եուրիքօ Քոյիքէ: Յիշեցնենք, որ Թոքիօ-2020 ողիմպիականի խաղերը տեղի պիտի ունենան 23 յուլիսէն 8 օգոստոս: Իսկ փարալիմփիք խաղերը պիտի կատարուին 24 օգոստոսէն 5 սեպտեմբեր:

«Քոփա Ամերիքա».  Պրազիլ-Արժանթին Աւարտականի Հետաքրքրական Մրցում

«Քոփա Ամերիքա». Պրազիլ-Արժանթին Աւարտականի Հետաքրքրական Մրցում

Շաբաթէն կիրակի լուսցող գիշերուան ընթացքին, Պրազիլի Ռիօ Տը Ժանէյրոյի «Մարաքանա» մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի մրցին Պրազիլ եւ Արժանթին: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 3:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով): Իր կատարած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին պրազիլցի Նէյմար ըսաւ, որ անհամբեր կը սպասէ այս մրցումին, ուր պիտի մրցի Պարսելոնայի իր նախկին խմբակիցին` Լիոնել...

«Ուիմպըլտըն».  Ճոքովիչ-Պերեթթինի Աւարտական

«Ուիմպըլտըն». Ճոքովիչ-Պերեթթինի Աւարտական

«Ուիմպըլտըն»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի տղոց կիսաւարտական հանգրուանի մրցումները կատարուեցան երէկ: Թիւ մէկ դասուած Նովաք Ճոքովիչ (Սերպիա) եւ 7-րդ դասուած Մաթէօ Պերեթթինի (Իտալիա) ապահովեցին աւարտական հանգրուանի իրենց տոմսերը:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ,  Պէյրութի Աղջիկները Հասան Աւարտականին

Լիբանանեան Պասքեթպոլ, Պէյրութի Աղջիկները Հասան Աւարտականին

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց  Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանի (ֆայնըլ ֆոր) մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Միշել Մըրի անուան մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հուփս-Պէյրութ երկրորդ ճակատումը: Արձանագրելով իրենց երկրորդ յաղթանակը` 81-43 արդիւնքով, Պէյրութի աղջիկները ապահովեցին աւարտական հանգրուանի իրենց տոմսը: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 12-24, 12-12, 11-24, 8-21: Պէյրութէն 17 կէտ նշանակեց Ռեպեքքա Աքըլ, մինչ անոր խմբակիցներ Նարինէ Կէօքճեան եւ...

Լիբանանի Աթլեթիզմի Բաժակի Մրցաշարք.  ՀՄԸՄ-ի Աթլեթները Տիրացան Երեք Երկրորդութեան Եւ Երկու Երրորդութեան

Լիբանանի Աթլեթիզմի Բաժակի Մրցաշարք. ՀՄԸՄ-ի Աթլեթները Տիրացան Երեք Երկրորդութեան Եւ Երկու Երրորդութեան

Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին կողմէ կազմակերպուած Լիբանանի բաժակի մրցաշարքին երրորդ եւ վերջին օրը տեղի ունեցան վերջին հանգրուանի տարբեր տեսակի մրցումները` Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին մէջ: Մրցաշարքին վերջին օրը, ՀՄԸՄ-ի աթլեթները դարձեալ մրցանակային դիրքեր գրաւեցին եւ տիրացան երեք երկրորդութեան եւ երկու երրորդութեան: Աղջկանց 18 տարեկանէն վար 200 մեթր վազքի մրցումին, Փաթիլ Ասատուրեան (ՀՄԸՄ Պէյրութ) գրաւեց երկրորդ դիրքը` արձանագրելով 31''06 արդիւնք մը:...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Տեղի Ունեցաւ Տղոց Եւ Աղջկանց 14 Տարեկանէն Վար Դասակարգի Տարիքային Ախոյեանութեան Վիճակաձգութիւնը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Տեղի Ունեցաւ Տղոց Եւ Աղջկանց 14 Տարեկանէն Վար Դասակարգի Տարիքային Ախոյեանութեան Վիճակաձգութիւնը

Երէկ` հինգշաբթի, 8 յուլիսին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ Էլ Տիպ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց եւ աղջկանց 14 տարեկանէն վար դասակարգի տարիքային ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ, Լիբանանի տարիքային խումբերու յանձնախումբի նախագահ Փաթրիք Լահուտի: Ան յայտնեց, որ այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն տղոց 26 եւ աղջկանց 11 խումբեր: Ան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց մրցաշարքին օրէնքները`...

Կռփամարտ.  Հայաստան Ապահովեց Իր Երրորդ Մետալը` Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեանութեան

Կռփամարտ. Հայաստան Ապահովեց Իր Երրորդ Մետալը` Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեանութեան

Վրաստանի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի կռփամարտի պատանեկան ախոյեանութեան Հայաստան ապահովեց իր երրորդ մետալը: Լուրը հաղորդեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 48 քկ դասակարգին մէջ Սամուէլ Գրիգորեան, որ քառորդ աւարտականին յաղթեց խրուաթ Պրունօ Պաչոյին, նուազագոյնը ապահովեց պրոնզ մետալ մը: Գերազանց մենամարտ կատարեց ու տպաւորիչ յաղթանակով կիսաւարտականին իր տոմսը ապահովեց Համլետ Ադամեան (75 քկ), որ առաւելութեան հասաւ գերմանացի Սթիվըն Ինտլիքայի դէմ: Նշենք,...

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ». Նոայի Յաղթական Մեկնարկը. Արարատ Պարտութենէ Մը Փրկուեցաւ

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ». Նոայի Յաղթական Մեկնարկը. Արարատ Պարտութենէ Մը Փրկուեցաւ

Երէկ` հինգշաբթի, 8 յուլիսին, մեկնարկը տրուեցաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա. »-ի «Եուրոփա Քոնֆըրընս Քափ» ֆութպոլի մրցաշարքին, երբ տեղի ունեցան զտումի Ա. հանգրուանի երթի բազմաթիւ մրցումներ: Զտումի այս մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հայաստանի երեք ներկայացուցիչները` Նոա, Ուրարտու եւ Արարատ-Երեւան: Հայաստանի փոխախոյեան Նոա, որ Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց ֆինլանտական Քուփսը, արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Մրցումին միակ...

Ողիմպիականի Կայացման Գծով Վերջնական Որոշում Պիտի Տրուի 2021-ի Գարնան

«Թոքիօ-2020». Ողիմպիականի Խաղերը` Առանց Հանդիսատեսներու

«Քիոտօ» գործակալութիւնը պաշտօնական յայտարարութեամբ մը նշեց, թէ «Թոքիօ-2020»-ի ողիմպիականի խաղերը տեղի պիտի ունենան` առանց հանդիսատեսներու: Ճափոնի կառավարութեան ներկայացուցիչները, որոնք պատասխանատուութիւն կը կրեն խաղերու կայացման համար, յայտարարեցին, որ մարզական ոչ մէկ համալիրի մէջ հանդիսատեսներ ներկայ պիտի ըլլան: Թոքիոյի 32-րդ ամառնային ողիմպիականի խաղերուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան, որուն ներկայացուցիչները պիտի ըլլան հետեւեալները. Յունահռոմէական ոճի ըմբիշներ Արմէն Մելիքեան (60 քկ), Կարէն...

Սերճիօ Ռամոս` Փարիզ Սեն Ժերմենի Գրասենեակին Մէջ

Սերճիօ Ռամոս` Պաշտօնապէս Փարիզ Սեն Ժերմէնի Ֆութպոլիստ

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմէն ֆութպոլի ակումբը երէկ պաշտօնապէս ներկայացուց իր նոր ֆութպոլիստը` սպանացի Սերճիօ Ռամոսը: Մայրաքաղաքի կազմին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 35 տարեկան ֆութպոլիստը մինչեւ 2023 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իրենց հետ: Նշենք, որ 16 յունիսին իրենց հետ յստակ դարձաւ, որ Ռէալ Մատրիտ-Սերճիօ Ռամոս համագործակցութիւնը պիտի ունենայ իր վերջակէտը: Ան 2005-ին միացաւ Ռէալ Մատրիտի` խումբին  հետ տիրանալով բազմաթիւ տիտղոսներու:    ...

Page 488 of 1280 1 … 487 488 489 … 1,280

Արխիւներ