Շաբաթէն կիրակի լուսցող գիշերուան ընթացքին, Պրազիլի Ռիօ Տը Ժանէյրոյի «Մարաքանա» մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի մրցին Պրազիլ եւ Արժանթին:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 3:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Իր կատարած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին պրազիլցի Նէյմար ըսաւ, որ անհամբեր կը սպասէ այս մրցումին, ուր պիտի մրցի Պարսելոնայի իր նախկին խմբակիցին` Լիոնել Մեսսիի դէմ:
Նշենք, որ Պրազիլ մրցաշարքին գործող ախոյեանն է: