Երէկ` ուրբաթ, 9 յունիսին, Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ սկսաւ ողիմպիական ջահի փոխանցավազքի աւարտական հանգրուանը` ամառնային ողիմպիական խաղերուն մեկնարկը տրուելէն ճիշդ երկու շաբաթ առաջ:
Անոր ներկայ գտնուեցաւ Թոքիոյի նահանգապետ Եուրիքօ Քոյիքէ:
Յիշեցնենք, որ Թոքիօ-2020 ողիմպիականի խաղերը տեղի պիտի ունենան 23 յուլիսէն 8 օգոստոս:
Իսկ փարալիմփիք խաղերը պիտի կատարուին 24 օգոստոսէն 5 սեպտեմբեր: