Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ երէկ Տիք Մըհտիի մէջ տեղի ունեցաւ Շանվիլ-Ռիատի Պէյրութ երկրորդ մրցումը:
Մրցումը աւարտեցաւ հիւր կազմին յաղթանակով` 72-64 արդիւնքով (17-10, 6-20, 20-19 եւ 21-23):
Նշենք, որ Ռիատի առաջին մրցումին եւս յաղթանակ արձանագրած էր:
Շանվիլի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Սերճիօ Տարուիշ (22 կէտ):
Օրուան իրաւարարներն էին Մարուան Էկօ, Զիատ Թաննուս եւ Փոլ Սքայյեմ: