«Քիոտօ» գործակալութիւնը պաշտօնական յայտարարութեամբ մը նշեց, թէ «Թոքիօ-2020»-ի ողիմպիականի խաղերը տեղի պիտի ունենան` առանց հանդիսատեսներու:
Ճափոնի կառավարութեան ներկայացուցիչները, որոնք պատասխանատուութիւն կը կրեն խաղերու կայացման համար, յայտարարեցին, որ մարզական ոչ մէկ համալիրի մէջ հանդիսատեսներ ներկայ պիտի ըլլան:
Թոքիոյի 32-րդ ամառնային ողիմպիականի խաղերուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան, որուն ներկայացուցիչները պիտի ըլլան հետեւեալները.
Յունահռոմէական ոճի ըմբիշներ Արմէն Մելիքեան (60 քկ), Կարէն Ասլանեան (67 քկ), Կարապետ Չալեան (77 քկ), Արթուր Ալեքսանեան (97 քկ), ազատ ոճի ըմբիշներ Արսէն Յարութիւնեան (57 քկ), Վազգէն Թեւանեան (65 քկ), կռփամարտիկներ Կորիւն Սողոմոնեան (52 քկ), Յովհաննէս Բաչքով (63քկ), Արման Դարչինեան (75 քկ), մարմնամարզիկ Արթուր Դաւթեան, հրացանաձիգ Էլմիրա Կարապետեան, ծանրաբարձներ Իզապելլա Եայլեան (59 քկ), Սիմոն Մարտիրոսեան (109 քկ), ժիւտոյիստ Ֆերտինանտ Կարապետեան (73 քկ), լողորդներ Արթուր Բարսեղեան, Վարսենիկ Մանուչարեան եւ աթլէթ Լեւոն Աղասեան:
Նշենք, որ այս խաղերը տեղի պիտի ունենան 23 յուլիսէն 8 օգոստոս: