Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող կազմերէն Փիւնիկ Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Գրիգոր Մելիքսէթեան վերադարձաւ ակումբ:
34 տարեկան բերդապահը, որ 2009-2010 տարեշրջանին Փիւնիկի հետ հանդիսացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան, ակումբի սան եղած է:
Նշենք, որ ան Հայաստանի մէջ ելոյթ ունեցած է Իմփուլս, Գանձասար, Ուլիս, Արարատ, իսկ Իրանի մէջ երեք տարբեր ակումբներու հետ: