Երէկ` ուրբաթ, 9 յուլիսին Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանի (ֆայնըլ ֆոր) մրցումին ծիրին մէջ, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Ռիատի Պէյրութ երկրորդ մրցումը:
Ռիատի, որ առաջին մրցումին յաղթած էր, երէկ եւս յաղթանակ մը արձանագրելով 80-32 արդիւնքով ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, ուր կը մրցի Պէյրութի դէմ:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 14-24, 7-22, 7-22 եւ 4-12:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց խմբապետ Մեղրի Թորոսեան (11 կէտ), մինչ Ռիատիէն 14-ական կէտ նշանակեցին Շիրին Շերիֆ (խմբապետ), Տանիելա Ֆայեատ եւ Նայլա Ալամէտտին-Ժարուտի:
Օրուան իրաւարարներն էին Սինթիա Ֆլութի, Ռոնի Ազար եւ Ռոժէ Օպէյտ: