Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին կողմէ կազմակերպուած Լիբանանի բաժակի մրցաշարքին երրորդ եւ վերջին օրը տեղի ունեցան վերջին հանգրուանի տարբեր տեսակի մրցումները` Քամիլ Շամունի անուան մարզական աւանին մէջ:
Մրցաշարքին վերջին օրը, ՀՄԸՄ-ի աթլեթները դարձեալ մրցանակային դիրքեր գրաւեցին եւ տիրացան երեք երկրորդութեան եւ երկու երրորդութեան:
Աղջկանց 18 տարեկանէն վար 200 մեթր վազքի մրցումին, Փաթիլ Ասատուրեան (ՀՄԸՄ Պէյրութ) գրաւեց երկրորդ դիրքը` արձանագրելով 31”06 արդիւնք մը:
Աղջկանց 20 տարեկանէն վար գունդ նետելու մրցումներուն իր կարգին երկրորդ հանդիսացաւ Փալիկ Թեքելեան (ՀՄԸՄ Պէյրութ), որ արձանագրեց 7,70 մեթր արդիւնք մը:
Տղոց 18 տարեկանէն վար սկաւառակ նետելու մրցումներուն (5 քկ), Քարլօ Ահարոնեան (ՀՄԸՄ Պէյրութ) գրաւեց երրորդ դիրքը (22,82 մեթր):
Իսկ նիզակ արձակելու մրցումներուն, Ահարոնեան դարձեալ հանդիսացաւ երրորդ (11,33 մեթր):
Վերջապէս, 18 տարեկանէն վար տղոց վազքի խմբային տարբեր մրցումներուն (100, 200, 300 եւ 400 մեթր), ՀՄԸՄ Պէյրութ գրաւեց երկրորդ դիրքը (2’24”46):
Աւարտին տեղի ունեցաւ բոլոր մրցանակակիրներուն մրցանակաբաշխութիւնը: