Երէկ` հինգշաբթի, 8 յուլիսին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին մէջ (Ժալ Էլ Տիպ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց եւ աղջկանց 14 տարեկանէն վար դասակարգի տարիքային ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ, Լիբանանի տարիքային խումբերու յանձնախումբի նախագահ Փաթրիք Լահուտի:
Ան յայտնեց, որ այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն տղոց 26 եւ աղջկանց 11 խումբեր:
Ան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց մրցաշարքին օրէնքները` յոյս յայտնելով, որ մասնակցող բոլոր խումբերուն մարզիկները մարզական ոգիով կը մասնակցին ախոյեանութեան:
Ապա տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւնը, որուն յայտագիրին ֆետերասիոնը պիտի անդրադառնայ աւելի ուշ: