Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմէն ֆութպոլի ակումբը երէկ պաշտօնապէս ներկայացուց իր նոր ֆութպոլիստը` սպանացի Սերճիօ Ռամոսը:
Մայրաքաղաքի կազմին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 35 տարեկան ֆութպոլիստը մինչեւ 2023 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իրենց հետ:
Նշենք, որ 16 յունիսին իրենց հետ յստակ դարձաւ, որ Ռէալ Մատրիտ-Սերճիօ Ռամոս համագործակցութիւնը պիտի ունենայ իր վերջակէտը:
Ան 2005-ին միացաւ Ռէալ Մատրիտի` խումբին հետ տիրանալով բազմաթիւ տիտղոսներու: