Ռուսական Սոչի քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ճատրակի տղոց եւ աղջկանց բաժակի մրցաշարքին Հայաստանի ճատրակ խաղացողներուն թիւը պիտի ըլլայ մրցանշային:
Տղոց մրցաշարքին Հայաստանը պիտի ներկայացնեն հինգ ճատրակ խաղացողներ:
Անոնք են` Լեւոն Արոնեան, Գաբրիէլ Սարգսեան, Յովհաննէս Գաբուզեան, Հայկ Մարտիրոսեան եւ Շանթ Սարգսեան:
Այս թիւը մրցանշային է Հայաստանի համար` նկատի ունենալով, որ 2005-էն ի վեր աշխարհի բաժակի մրցաշարքի խաղարկութեան հայ մասնակցողներուն թիւը առաւելագոյնը չորս էր:
Իսկ աղջկանց մրցաշարքին Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Հայաստանի աղջկանց ճատրակի հաւաքականի յառաջատար Էլինա Դանիէլեան:
Նշենք, որ տղոց մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 206, իսկ աղջկանց մրցաշարքին` 103 ճատրակ խաղացողներ:
Մրցաշարքը իր աւարտին կը հասնի 6 օգոստոսին: