Մանչեսթըր Եունայթըտ Եւ Չելսի Մօտէն Հետաքրքրուած` Կրիզմանով
«Տէյլի Էքսփրես» իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ յայտնեց, որ անգլիական երկու ակումբներ` Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Չելսի, մօտէն հետաքրքրուած են Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ քաթալոնական Պարսելոնայի յառաջապահ Անթուան Կրիզմանով: Նշուեցաւ, որ 30 տարեկան ֆութպոլիստը կը փափաքի վերադառնալ Աթլեթիքօ Մատրիտ, ուրկէ 2019-ին տեղափոխուած էր Պարսելոնա: Սակայն Պարսելոնայի ղեկավարութիւնը, այդքան ալ համամիտ չէ այս գաղափարին: Նախորդ տարեշրջանին ֆրանսացին Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան եւ...




















