«Եւրօ-2020». Անգլիա Հասաւ Աւարտականին` Երկարաձգումէն Ետք Յաղթելով Դանիոյ
Երէկ գիշեր Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ գտնուող «Ուեմպլի» մարզադաշտին վրայ մեծաթիւ համակիրներու ներկայութեան տեղի ունեցաւ Անգլիա-Դանիա կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումը: Երկու կազմերն ալ բաւական մեծ պայքար մղելով իրենց ամէն կարելին ըրին դառնալու մրցումին յաղթականը` ապահովելու համար աւարտականի մրցումին իրենց տոմսը, ճակատելու համար օր մը առաջ աւարտական հանգրուան հասած Իտալիոյ դէմ, որ կիսաւարտականին իր յաղթանակը արձանագրած էր Սպանիոյ դէմ` փենալթիներով: Նկատի ունենալով,...




















