Հայրենի կրանտմասթըր Մանուէլ Պետրոսեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ «Սերպիա Օփըն» ճատրակի միջազգային բաց մրցաշարքին, առաւելագոյն 9 կէտէն 7 կէտ ապահովելով գրաւեց երկրորդ դիրքը:
Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Սամուէլ Տէր Սահակեան, ապահովելով 6,5 կէտ գրաւեց 12-րդ դիրքը:
Մրցաշարքին տիրացաւ Հնդկաստանը ներկայացնող պատանի կրանտմասթըր Նիհալ Սարին, որ ապահովեց 7,5 կէտ:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 41 երկիրներէ 289 ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին` 52 կրանտմասթըրներ: