Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մամլոյ քարտուղարութիւնը իր հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց, որ մահացաւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ լոնտոնեան Արսենալի նախկին յառաջապահ Փոլ Մարինըր: Ան 68 տարեկան էր:
Մարինըր Անգլիոյ ազգային խումբին հետ հանդէս եկած է 1977-1985 տարիներուն` 35 մրցումի ընթացքին նշանակելով 13 կոլ:
Ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան մաս կազմած է նաեւ Փլայմաութի, Իփսուիչի, Փորթցմաութի եւ այլ ակումբներու:
Իսկ իբրեւ մարզիչ ան գլխաւորած է անգլիական Փլայմաութն ու քանատական Թորոնթոն: