Երէկ` հինգշաբթի, 8 յուլիսին, մեկնարկը տրուեցաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա. »-ի «Եուրոփա Քոնֆըրընս Քափ» ֆութպոլի մրցաշարքին, երբ տեղի ունեցան զտումի Ա. հանգրուանի երթի բազմաթիւ մրցումներ:
Զտումի այս մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Հայաստանի երեք ներկայացուցիչները` Նոա, Ուրարտու եւ Արարատ-Երեւան:
Հայաստանի փոխախոյեան Նոա, որ Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց ֆինլանտական Քուփսը, արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց հիւր կազմին մարզիկներէն Անթոն Փոփովիչ` սխալմամբ իր բերդին մէջ (77-րդ վայրկեանին):
Այսպիսով, հայրենի կազմը յաղթանակ մը արձանագրեց նոր մրցաշարքին անդրանիկ հանգրուանին:
Անոնց միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 15 յուլիսին` Ֆինլանտայի մէջ:
Մրցաշարքին մասնակցող հայկական երկրորդ խումբը` Արարատ-Երեւան, որ Հունգարիոյ մէջ հիւրը եղաւ Վեհերվարի, անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+3-րդ), հայրենի կազմը նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը:
Անոնց միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ մը ետք, Գիւմրիի քաղաքային մարզադաշտին վրայ: