Երէկ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտարարեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն տասը խումբեր:
Այդ տասը խումբերն են` Ալաշկերտ, Նոա, Ուրարտու, Արարատ, Արարատ-Արմենիա, Վան, Փիւնիկ, Սեւան, Երեւանի բանակայիններ եւ Նորավանք:
Ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ չորս շրջանով:
Իսկ Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն հետեւեալ եօթը խումբերը.
Լեռնային Արցախ, Շիրակ, Երեւանի բանակայիններ-2, Արարատ-Արմենիա-2, Ուրարտու-2, Փիւնիկ ակադեմիա եւ Ալաշկերտ-2: