Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ գտնուող «Ուեմպլի» մարզադաշտը վաղը` կիրակի, 11 յուլիսին ժամադրավայրը պիտի ըլլայ «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականի ճակատումին, որուն ընթացքին իրարու դէմ պիտի մրցին Անգլիա եւ Իտալիա:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Իսկ օրուան կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ Պիոռն Քուիփերս (Նետերլանտներ):
Նշենք, որ Անգլիա, որ կիսաւարտականին յաղթեց Դանիոյ, ֆութպոլի իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ապահովեց աւարտականի իր տոմսը:
Անկասկած, երկու կազմերն ալ պիտի կիրարկեն բացառիկ խաղարկութիւն եւ իրենց ամէն կարելին պիտի ընեն տիրանալու տիտղոսին: