Շաքիրի Կրնայ Տեղափոխուիլ «Քալչիօ»
Նափոլի ֆութպոլի ակումբին ղեկավարութիւնը յայտնեց, որ կը ծրագրուի կազմին յարձակողականը զօրացնել Լիվըրփուլի միջնապահ Էքսհերտըն Շաքիրիով, այս լուրը հաղորդեց «Կոլ տոթ քոմ» կայքը: Նշուեցաւ, որ զուիցերիացի ֆութպոլիստով մօտէն հետաքրքրուած է նաեւ իտալական Լացիօ Ռոման: Լիվըրփուլի հետ Շաքիրիի պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2023-ի ամառը: Ան Լիվըրփուլին միացաւ 2018-ին:




















