Սոչիի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող Հայկ Մ. Մարտիրոսեան (2648), որ Հայաստանի վերջին ներկայացուցիչն է, 1-8-րդ հանգրուանի դասական երկրորդ մրցումին պարտութիւն մը կրեց իրանցի իր մրցակիցէն` Մամին Թապաթապայէէն (2613):
Նախանցեալ օր տեղի ունեցած դասական առաջին մրցումին Մարտիրոսեան սեւ քարերով յաղթած էր իր մրցակիցին:
Անոնք այսօր թայ պրէյքի մրցում պիտի կատարեն իրարու դէմ:
Յաղթանակ արձանագրելու պարագային, Մարտիրոսեան քառորդ աւարտականին իրեն մրցակից պիտի ունենայ Վլատիմիր Ֆետոսէեւ (Ռուսիա, 2696)-Վելիմիր Իվիչ (Սերպիա, 2591) ճակատումին յաղթականը: Այս մրցումին արդիւնքը եւս կը վճռուի այսօր` թայ պրէյքով:
Նշենք, որ Մարտիրոսեան 2016-ին հանդիսացած էր 16 տարեկանէն վար աշխարհի ախոյեան: