Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ տեղի ունեցող 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն, երէկ Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականի անդամ Կորիւն Սողոմոնեան (52 քկ), որ մրցեցաւ անգլիացի Ժալալ Եաֆայի դէմ, պարտութիւն մը կրեց իր մեկնարկային մենամարտին ընթացքին:
Սողոմոնեան պարտուեցաւ` նկատի ունենալով, որ իրաւարարները դադրեցուցին այս ճակատումը եւ յաղթանակը շնորհեցին անոր մրցակիցին:
Իր կատարած մեկնարկային մենամարտին ընթացքին, պարտութիւն կրեց եւ իր կարգին հետագայ պայքարէն դուրս մնաց նաեւ Հայաստանի ժիւտոյի հաւաքականի անդամ Ֆերտինանտ Կարապետեան (73 քկ), որ չկրցաւ յաղթել իր ղազախ մրցակիցին` Ժանսայ Սմակուլովին:
Ռուսիոյ հաւաքականին հետ ողիմպիականի ախոյեան հանդիսացաւ հայազգի Արթուր Դալալոյեան:
Տղոց մարմնամարզութեան խմբային մրցումներուն, Ռուսիոյ հաւաքականը ապահովելով 262.500 կէտ, տիրացաւ ոսկի մետալին:
Ռուսիոյ ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Ճափոն եւ Չինաստան:
Նշենք, որ մետալներու ընդհանուր դասաւորման մէջ տեղի ունեցաւ փոփոխութիւն` նկատի ունենալով, որ հիւրընկալ երկիրը` Ճափոն, պարագլուխի դիրքը խլեց Չինաստանէն` տիրանալէ ետք 8 ոսկի, 2 արծաթ եւ 3 պրոնզ մետալի:
Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուին Միացեալ Նահանգներ (7 ոսկի, 3 արծաթ եւ 4 պրոնզ), իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Չինաստան (6 ոսկի, 5 արծաթ եւ 7 պրոնզ):
Այստեղ նշենք, որ երէկ Չինաստան չյաջողեցաւ ոսկի մետալի տիրանալ:
Այսօր` երեքշաբթի, 27 յուլիսին, Հայաստանի երկու ներկայացուցիչներ ելոյթ պիտի ունենան:
Աղջկանց ծանրաբարձութեան մրցումներուն Հայաստանի միակ ներկայացուցիչը` Իզապելլա Եայլեան պիտի մասնակցի 59 քկ դասակարգի մրցումներուն` Բ. խմբակին մէջ:
Իսկ տղոց լողարշաւի մրցումներուն Հայաստանի միակ ներկայացուցիչը` Արթուր Բարսեղեան, կը մասնակցի 100 մեթր ազատ ոճի մրցումներուն: