Երէկ` կիրակի, 25 յուլիսին, կազմակերպութեամբ` «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ. »-ին, տեղի ունեցաւ Ժեզզինի 9-րդ ռելին:
Նշենք, որ այս ռելին կ՛իյնայ Լիբանանի ռելիներու ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
Ռոժէ Ֆըղալի իր օգնականին` Զիատ Շեհապի հետ արձանագրելով 48′ 18” 2 արդիւնք մը, հանդիսացաւ առաջին:
Ան կը վարէր «Միթսուպիշի Լանսըր Էվօ-6» ինքնաշարժը:
Երկրորդ հանդիսացաւ Ռոտրիք Ռահի-Ժորժ Նատեր զոյգը (նոյն ինքնաշարժը), որ արձանագրեց 49′ 36” 8 արդիւնք մը:
Իսկ երրորդ դիրքը գրաւեց Ալեքս Ֆըղալի-Ժորժ Տըայպես զոյգը («Միթսուպիշի Լանսըր Էվօ-10»), որ արձանագրեց 50′ 00” 3 արդիւնք մը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ երեսփոխան Զիատ Ասուատի, Ժեզզինի քաղաքապետին, ինչպէս նաեւ կազմակերպիչ ակումբին` «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ. »-ի պատասխանատուներուն:



