Հեծելարշաւ. ՀՄԸՄ-ի Ներկայացուցչական Խումբը` Լիբանանի Փոխախոյեան
Կիրակի, 18 յուլիս 2021-ին, տեղի ունեցաւ Լիբանանի հեծելարշաւի ախոյեանութիւնը` կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին եւ մասնակցութեամբ 7 ակումբներու, լիբանանեան բանակին եւ ներքին ապահովական ուժերու խումբերուն: Մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 35 հեծելանաւորդներ: Երէցներու դասակարգին մէջ առաջին հանդիսացաւ Ալէյ Պայքինկ Քլապի մարզիկ Ժիլպեր Հաննուշ` արձանագրելով 4 ժամ 3 վայրկեան եւ 52 երկվայրկեան արդիւնք մը: Երկրորդ հանդիսացաւ Ժիհատ Ահմետ (Ղազալ), իսկ երրորդ`...




















