Նափոլի ֆութպոլի ակումբին ղեկավարութիւնը յայտնեց, որ կը ծրագրուի կազմին յարձակողականը զօրացնել Լիվըրփուլի միջնապահ Էքսհերտըն Շաքիրիով, այս լուրը հաղորդեց «Կոլ տոթ քոմ» կայքը:
Նշուեցաւ, որ զուիցերիացի ֆութպոլիստով մօտէն հետաքրքրուած է նաեւ իտալական Լացիօ Ռոման:
Լիվըրփուլի հետ Շաքիրիի պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2023-ի ամառը:
Ան Լիվըրփուլին միացաւ 2018-ին: