Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանի (ֆայնըլ ֆոր) 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախանցեալ օր Սատի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Մարժապա-ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մրցումը:
Մրցումը աւարտեցաւ Մարժապայի յաղթանակով` 2-0 արդիւնքով (կիսախաղ` 1-0):
Էլի Աշքար (18-րդ) եւ Ալի Թըմսահ (23-րդ) նշանակեցին Մարժապայի կոլերը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Մարժապա ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի նման ունեցաւ 6 կէտ:
Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Մուաուատ, որ ունի 10 կէտ:
Այլ գետնի վրայ, Հըրրիէ Սայտա հանդիսացաւ Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեան` աւարտական հանգրուանի երրորդ մրցումին 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք լիբանանեան բանակի կազմին դէմ:
Նախքան այս մրցումը, անոնց միջեւ արդիւնքը կ՛ընթանար 1-1 հաւասարութեամբ: