Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր Վոլոդեա Ֆրանգուլեան յաղթական նորամուտ մը ունեցաւ խառն մենամարտերու մրցումներուն («ԷՄ. ԷՄ. ԷՅ. »):
Հայրենի մարզիկը, որ ամերիկեան Քալիֆորնիոյ նահանգին մէջ կատարեց իր մրցումը, «Կլատիէյթըր Չելընճ» մրցաշարքին գծով առաջին իսկ ռաունտին յաղթեց իր մրցակիցին` նաք աութով:
Նշենք, որ ըմբշամարտի մրցումներուն Ֆրանգուլեան հանդէս կու գայ 65 քկ դասակարգի մրցումներուն մէջ:
Վերջին շրջանին Ֆրանգուլեան եւ յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Մաքսիմ Մանուկեան կը մարզուէին Լոս Անճելըսի մէջ (Միացեալ Նահանգներ):
«ԷՄ. ԷՄ. ԷՅ. »-ի մրցումներուն, Մանուկեան իր նորամուտը պիտի նշէ 7 օգոստոսին:



