Ռուսիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան նոր տարեշրջանը յաղթանակով սկսաւ Քրասնոտար, որ 3-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Եքաթերինպուրկի Ուրալի դաշտէն:
Քրասնոտարի կազմէն ամբողջ մրցումին իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի 21 տարեկան յառաջապահ Էդուարդ Սպերցեան:
Յաղթական կազմը, որ իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ գրաւեց ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը, իր կոլերը նշանակեց 62-րդ, 85-րդ եւ 90+5-րդ (փենալթիով) վայրկեաններուն:



