Աւստրիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յետսապահ Տաւիտ Ալապա պաշտօնապէս ներկայացուեցաւ իբրեւ Ռէալ Մատրիտի ֆութպոլիստ, այս մասին յայտնեց արքայական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Շնորհահանդէսի ընթացքին 29 տարեկան ֆութպոլիստը ստացաւ թիւ 4 մարզաշապիկը, որուն հետ վերջին տարիներուն Ռէալի հետ դաշտ կը ներկայանար ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն տեղափոխուած սպանացի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս:
Նշուեցաւ, որ Ռէալի հետ Ալապայի պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2026-ի ամառ:
Ալապա 2009-էն ի վեր ելոյթ կ՛ունենայ Պայէրն Միւնիխի հետ:



