Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Ֆերնանտօ Թորես նախանցեալ օր վերադարձաւ Աթլեթիքօ Մատրիտ եւ գլխաւորեց մատրիտեան կազմին երիտասարդական խումբը, այս մասին յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
37 տարեկան մասնագէտին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յառաջիկայ տարեշրջանին աւարտը:
Թորես Աթլեթիքոյի հետ ելոյթ ունեցած է 2001-2007 եւ 2016-2018 ժամանակամիջոցին:
Ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտեց 2019-ին: