Միացեալ Նահանգներու
Ձախողութիւնը
Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ տեղի ունեցող 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն առաջին օրը, պայքարի մէջ մտան բազմաթիւ մարզիկներ` առաջին օրուան համար սահմանուած 11 մետալներուն տիրանալու համար:
Չինաստան, որ առաջին օրը տիրացաւ երեք ոսկի եւ մէկ պրոնզ մետալի, յաջողեցաւ իր շահած առաջին երկու մետալներով ողիմպիականի նոր մրցանիշ հաստատել նշանառութեան եւ ծանրաբարձութեան մրցումներուն մէջ:
Իր կարգին, Իրան, որ տիրացաւ ոսկի մետալի մը, նշանառութեան մրցումներուն ողիմպիականի նոր մրցանիշ մը հաստատեց:
Մէկական ոսկի մետալի տիրացան նաեւ Իտալիա, Ճափոն, Հունգարիա, Հարաւային Քորէա, Էքուատոր, Քոսովօ եւ Թայլանտ:
1972-ի Միւնիխի ողիմպիականի խաղերէն ետք առաջին անգամ ըլլալով Միացեալ Նահանգներ չյաջողեցան առաջին օրը մետալի մը տիրանալ:
Անոնք ներկայացուցիչներ ունէին հինգ մարզաձեւերու մէջ:
24 յուլիսին, պայքարի մէջ մտաւ Հայաստանի 17 ներկայացուցիչներէն Արթուր Դաւթեան (մարմնամարզութիւն):
Իսկ երէկ իրենց պայքարին սկսան Յովհաննէս Բաչքով (կռփամարտ, 63 քկ) եւ Էլմիրա Կարապետեան (ատրճանակ, 10 մեթր):
Բաչքով, որ իր ելոյթներուն սկսաւ յաղթանակով, յաջորդ հանգրուանին (31 յուլիս) իրեն մրցակից պիտի ունենայ Ջաւիտ Չելեպիեւը (Ազրպէյճան):
Իսկ Կարապետեան, որ գրաւեց 18-րդ դիրքը, չկրցաւ յաղթահարել զտումի մրցումները` ապահովելով 573 կէտ:
Երէկուան պայքարը` 18 ոսկի մետալի համար էր:
Չինաստան յաւելեալ երեք ոսկի մետալներու տիրանալով այժմ կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը:
Անիկա ողիմպիականի յաւելեալ երկու նոր մրցանիշներ հաստատեց:
Իրենց կարգին, ողիմպիականի նոր մրցանիշներ հաստատեցին նաեւ Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա (ատրճանակ):
Իսկ Աւստրալիա աշխարհի մրցանիշ մը հաստատեց` աղջկանց 4×100 մեթր ազատ լողարշաւի մրցումներուն:
Նշենք, որ երկրորդ օրուան մրցումներէն ետք, առաջին երեք դիրքերը յաջորդաբար կը գրաւեն Չինաստան (6 ոսկի), Ճափոն (5 ոսկի) եւ Միացեալ Նահանգներ (4 ոսկի):
Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող թենիսմեն Կարէն Խաչանով երէկ Ա. հանգրուանի մրցումներուն ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը` յաղթելով ճափոնցի իր մրցակիցին:
Այսօր` երկուշաբթի, 26 յուլիսին Հայաստանի երկու ներկայացուցիչներ Կորիւն Սողոմեան (կռփամարտ, 52 քկ) եւ Ֆերտինանտ Կարապետեան (ժիւտօ, 73 քկ) կը սկսին իրենց պայքարին:





