Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ երէկ վերադարձաւ իր ամառնային արձակուրդէն եւ Եուվենթուսի հետ սկսաւ իր փորձերուն:
Նշենք, որ նախորդ ամիս «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած Ռոնալտօ արձակուրդ մը անցուցած էր իր ընտանիքին հետ:
Յառաջիկային ան պիտի հանդիպի Եուվենթուսի ղեկավարութեան հետ եւ պիտի քննարկէ իր ապագան:
Եուվէի հետ անոր գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2022:



