Կազմակերպութեամբ «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.»-ին, վաղը` կիրակի, 25 յուլիսին, տեղի կ՛ունենայ Ժեզզինի 9-րդ ռելին:
Այս ռելին պիտի ըլլայ տարեշրջանի երկրորդ ռելին` գարնանային ռելիէն ետք եւ կ՛իյնայ Լիբանանի ռելիներու ախոյեանութեան ծիրին մէջ:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 18 ինքնաշարժներ, մինչ անոր ընդհանուր երկարութիւնը պիտի ըլլայ 215,22 քմ:
Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ անոր մեկնարկը պիտի տրուի Ժեզզինի հրապարակէն, առաւօտեան ժամը 8:00-ին, մինչ մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին:



