Թոքիոյի ողիմպիական խաղերուն կազմակերպիչ յանձնախումբը մետալակիրներուն թոյլատրեց պարգեւատրութեան ժամանակ 30 երկվայրկեան իրենց դիմակը հանել լուսանկարուելու համար, այս մասին յայտնեց միջազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը:
Մարզիկները պէտք է իրենց դիմակը հանեն քայլերգը հնչելէն ետք, սակայն անոնք պէտք է պահեն որոշ հեռաւորութիւն` այլ մետալակիրներու հետ:
Ատկէ ետք անոնք դարձեալ կը կրեն իրենց դիմակը, որպէսզի փոտիումին վրայ լուսանկարուին: