Մարզական

Էրիքսըն Նուազագոյնը Մինչեւ  2022 Փետրուար Դաշտ Չի Կրնար Ներկայանալ

Էրիքսըն Նուազագոյնը Մինչեւ 2022 Փետրուար Դաշտ Չի Կրնար Ներկայանալ

Ինթեր Միլանի միջնապահ Քրիսթիան Էրիքսըն իր ակումբին հետ այս տարի դաշտ չի կրնար ներկայանալ: «Սքայ-Սփոր-Իտալիա» յայտնեց, որ դանիացին ցարդ նուազագոյնը մինչեւ 2022 փետրուար դաշտ չի կրնար ներկայանալ: Նշուեցաւ, որ ան իր մասնակցութիւնը չի կրնար բերել Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ»)` նկատի ունենալով, որ իր սիրտին զարկերը կարգաւորելու համար յատուկ գործիք կը գործածէ:  

Ֆութսալ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Բացառիկ Յաղթանակը`  Պարագլուխի Դիրքը Գրաւողին Դէմ

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Բացառիկ Յաղթանակը` Պարագլուխի Դիրքը Գրաւողին Դէմ

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան կիսաւարտականի (ֆայնըլ ֆոր) Ե. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի աշխուժ կազմը մրցեցաւ դասաւորման պարագլուխի դիրքը գրաւող Մուաուատի դէմ: Մրցակից կազմը, որ ցարդ իր կատարած չորս մրցումներուն պարտութիւն կրած չէր, երէկ գիշեր կրեց իր առաջին պարտութիւնը` ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն, որոնք բացառիկ ելոյթ մը ունենալով արձանագրեցին 7-3...

«Թոքիօ-2020». Վարսենիկ Մանուչարեան Աւարտեց Իր Ելոյթը

«Թոքիօ-2020». Վարսենիկ Մանուչարեան Աւարտեց Իր Ելոյթը

Խաչանով Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ տեղի ունեցող 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերու լողարշաւի մրցումներուն, Հայաստանի երկրորդ ներկայացուցիչը` Վարսենիկ Մանուչարեան, երէկ աւարտեց իր ելոյթը: 100 մեթր ազատ լողարշաւի մրցումներուն, 18 տարեկան Մանուչարեան, որ արձանագրեց 59''18 արդիւնք մը, չկրցաւ յաղթահարել զտումի հանգրուանի արգելքը: Երկրորդ փորձին ընթացքին, ան գրաւելով 6-րդ դիրքը, ընդհանուր դասաւորման մէջ 51 մասնակցողներու մէջ գրաւելով 45-րդ...

«Թոքիօ-2020».  Տղոց Ֆութպոլի Մրցաշարքի Քառորդ  Աւարտականին Հասած Խումբերը Յստակացան

«Թոքիօ-2020». Տղոց Ֆութպոլի Մրցաշարքի Քառորդ Աւարտականին Հասած Խումբերը Յստակացան

Երէկ` չորեքշաբթի, իրենց աւարտին հասան «Թոքիօ-2020»-ի ողիմպիական խաղերու տղոց ֆութպոլի մրցաշարքի խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան քառորդ աւարտականին հասնող ութ խումբերը: Ֆրանսայի, Արժանթինի, Գերմանիոյ եւ Հարաւային Ափրիկէի նման խումբեր, որոնք կը նկատուէին տիտղոսին թեկնածուներուն կարգին, դուրս մնացին մրցաշարքէն: Քառորդ աւարտականի զոյգերը կազմեցին հետեւեալները. Ճափոն- Նոր Զելանտա, Սպանիա-Փղոսկրեայ Ափունք, Հարաւային Քորէա-Մեքսիքա եւ Պրազիլ-Եգիպտոս: Նշենք, որ քառորդ...

«Թոքիօ-2020».  «Տրիմ Թիմ»-ի Առաջին Յաղթանակը`  54 Կէտի Առաւելութեամբ

«Թոքիօ-2020». «Տրիմ Թիմ»-ի Առաջին Յաղթանակը` 54 Կէտի Առաւելութեամբ

Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ շարունակուող 32-րդ ամառնային ողիմպիականի խաղերուն, տղոց պասքեթպոլի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Միացեալ Նահանգներու կազմը 120-66 արդիւնքով (28-12, 32-18, 22-13 եւ 38-23) տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Իրանի դէմ: Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց ամերիկեան Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզին մաս կազմող Տեմիըն Լիլարտ, որ յաղթական կազմին հետ նշանակեց 21 կէտ: Նշենք, որ այս յաղթանակը առաջինն էր «տրիմ թիմ»-ի...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Ալաշկերտ-Երեւան Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

«Չեմփիընզ Լիկ». Ալաշկերտ-Երեւան Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտ-Երեւան, որ երէկ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ Թիրասփոլի մէջ մրցեցաւ մոլտովական Շերիֆի դէմ, անկէ կրելով 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը դուրս մնաց մրցաշարքէն: Նշենք, որ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած երթի մրցումին, հայրենի կազմը կրած էր 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը: Երէկուան մրցումին, թէեւ Ալաշկերտ նշանակեց մրցումին առաջին կոլը, սակայն հիւրընկալ կազմը պատասխանեց...

Ռաֆայէլ Վարան Տեղափոխուեցաւ  Մանչեսթըր Եունայթըտ

Ռաֆայէլ Վարան Տեղափոխուեցաւ Մանչեսթըր Եունայթըտ

Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան, Ֆրանսայի ազգային խումբի յետսապահ` Ռաֆայէլ Վարան, տասը տարի մաս կազմելէ ետք Ռէալ Մատրիտին, լքեց իր կազմը եւ միացաւ Մանչեսթըր Եունայթըտին: Նշուեցաւ, որ արքայական ակումբին հետ անոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած էր մինչեւ յառաջիկայ տարեշրջանին աւարտը: Անգլիական մամուլը յայտնեց, որ 28 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցման գումարը կազմեց 45 միլիոն եւրօ, հակառակ անոր որ արքայական ակումբը անոր փոխանցումէն կ՛ակնկալէր 70 միլիոն եւրօ:...

Մանչեսթըր Սիթի 88 Միլիոն Եւրօ  Կ՛առաջարկէ Ճեք Կրիլիշի Համար

Մանչեսթըր Սիթի 88 Միլիոն Եւրօ Կ՛առաջարկէ Ճեք Կրիլիշի Համար

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի պատրաստ է 88 միլիոն եւրօ վճարելու Ասթոն Վիլայի եւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի 25 տարեկան միջնապահ Ճեք Կրիլիշի փոխանցման համար, այս գծով յայտնեց «Տէյլի Մէյլ»-ը: Նշուեցաւ, որ Ասթոն Վիլա իր խմբապետի փոխանցումէն կ՛ակնկալէ  117 միլիոն եւրօ: Սակայն նախքան ատիկա, Վիլա աւելի լաւ պայմաններով նոր պայմանագրութիւն մը պիտի առաջարկէ Կրիլիշի: Ան 2012-էն ի վեր մաս կը...

Ժիւլ Քունթէ Միացաւ Չելսիին

Ժիւլ Քունթէ Միացաւ Չելսիին

Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յետսապահ Ժիւլ Քունթէ երէկ միացաւ լոնտոնեան Չելսիին, այս մասին յայտնեց անգլիական ակումբը: Նշուեցաւ, որ Սեւիլլային մաս կազմող 22 տարեկան ֆութպոլիստը ստորագրեց 5 տարուան պայմանագրութիւն մը` փոխան 70 միլիոն եւրոյի: Յառաջիկայ տարիներուն ընթացքին սպանական ակումբը պիտի ստանայ նաեւ 5 միլիոն եւրօ` շահաբաժինի ձեւով: Ֆրանսացին նախորդ տարեշրջանին Սեւիլլայի հետ կատարեց 49 մրցում:

Տաւիտ Ալապա Վարակուեցաւ  «Քորոնա» Ժահրով

Տաւիտ Ալապա Վարակուեցաւ «Քորոնա» Ժահրով

Ռէալ Մատրիտի նորեկ Տաւիտ Ալապայի մօտ յայտնաբերուեցաւ «Քորոնա» ժահրը, այս մասին յայտնեց արքայական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Աւստրիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին յետսապահը, որ վերջերս միացած էր Ռէալ Մատրիտին, այժմ ինքնամեկուսացուած է: Նշենք, որ 29 տարեկան ֆութպոլիստը Ռէալ Մատրիտի հետ կնքեց 5 տարուան պայմանագրութիւն մը: Նախքան Ռէալ Մատրիտ տեղափոխուիլը, ան մաս կը կազմէր Պայէրն Միւնիխի (2009-էն ի վեր):

Ֆութսալ.  Վաղը` Ժամհուր – ՀՄԸՄ Պէյրութ

Ֆութսալ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Մուաուատ

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ ֆորի (կիսաւարտական) Ե. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 28 յուլիսին, տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Մուաուատ մրցումը: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 21:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ): Մրցումին նախօրեակին, ՀՄԸՄ կը գրաւէ դասաւորման երկրորդ դիրքը, մինչ անոր մրցակիցը կը գտնուի պարագլուխի դիրքին վրայ: ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի ոչ...

«Թոքիօ-2020». Իզապելլա Եայլեան Գրաւեց 7-րդ Դիրքը

«Թոքիօ-2020». Իզապելլա Եայլեան Գրաւեց 7-րդ Դիրքը

- Քուէյթցի 57 Տարեկան Ռաշիտի` Պրոնզէ Մետալակիր - Պերմուտայի Ողիմպիականի Առաջին Ոսկի Մետալը Հայաստանի աղջկանց ծանրաբարձութեան հաւաքականի անդամ Իզապելլա Եայլեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Թոքիօ-2020»-ի 32-րդ ամառնային ողիմպիականի խաղերուն, երէկ 59 քկ դասակարգի մրցումներուն ելոյթ ունենալով, երկամարտի մրցումներուն բարձրացնելով 205 քկ գրաւեց 7-րդ դիրքը: Այս դասակարգին մէջ ախոյեան հանդիսացաւ եւ ոսկի մետալին տիրացաւ, չինական Թայփէի ներկայացուցիչը, որ բարձրացուց 236...

Ճատրակ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք.  Հայկ Մ. Մարտիրոսեան Աւարտեց Իր Ելոյթը

Ճատրակ. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարք. Հայկ Մ. Մարտիրոսեան Աւարտեց Իր Ելոյթը

Սոչիի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցող ճատրակ աշխարհի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի վերջին ներկայացուցիչը` Հայկ Մ. Մարտիրոսեան (2648) չկրցաւ յաղթահարել 1-8-րդ հանգրուանի արգելքը, երբ թայ պրէյքի մրցումին պարտուեցաւ իրանցի Մամին Թապաթապայէն (2613), 1,5-0,5 արդիւնքով, այսպիսով աւարտելով իր ելոյթը: Արագ մրցումին երկրորդ ճակատումին, հայրենի կրանտմասթըրը սեւ քարերով պարտութիւն կրեց 47-րդ շարժումին: Արագ ճատրակի առաջին մրցումին ան ճերմակ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց...

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ».  Երեւանի Մէջ Վաղը  Տեղի Կ՛ունենան Երկու Մրցումներ

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ». Երեւանի Մէջ Վաղը Տեղի Կ՛ունենան Երկու Մրցումներ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ վաղը` հինգշաբթի, 29 յուլիսին Երեւանի մէջ տեղի կ՛ունենան «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ի ֆութպոլի մրցաշարքի «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի զտումի Բ. հանգրուանի դարձի երկու մրցումներ: Ղազախստանի եւ Պիելոռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնները դիմած են Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին` խնդրելով իրենց ակումբներուն մասնակցութեամբ մրցումները կատարել Երեւանի մէջ: Ժամը 16:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ...

Քիեւօ Վերոնա Սնանկացած  Հռչակուեցաւ

Քիեւօ Վերոնա Սնանկացած Հռչակուեցաւ

«Ֆութպոլ Իտալիա» իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ յայտարարեց, որ Քիեւօ Վերոնա սնանկացած հռչակուելով հեռացուեցաւ Իտալիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութենէն: Բ. դասակարգին մէջ Քիեւօ Վերոնային պիտի փոխարինէ Քոսենցա, իսկ Վերոնան ներկայացնող խումբը կրնայ յայտնուիլ` Դ. դասակարգին մէջ: Նախորդ տարեշրջանին Քիեւօ գրաւեց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ դիրքը: Ակումբը իր պատմութեան լաւագոյն արդիւնքը արձանագրեց 2001-2002 տարեշրջանին, երբ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ («Քալչիօ») գրաւեց...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Այսօր` Շերիֆ-Ալաշկերտ Դարձի Մրցումը

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Շերիֆ-Ալաշկերտ Դարձի Մրցումը

Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Ալաշկերտ-Երեւան, որ երէկ մեկնեցաւ Մոլտովա, այսօր` չորեքշաբթի, 28 յուլիսին մրցում մը ունի կատարելիք դաշտին տիրոջ` Շերիֆ Թիրասփոլի դէմ: Նշենք, որ այս մրցումը կ՛իյնայ «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 20:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Նշենք, որ երթի մրցումին Ալաշկերտ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Երեւանի մէջ: Յաջորդ հանգրուան հասնելու պարագային,...

Օլիվիէ Ժիրու Հասաւ Միլանօ

Օլիվիէ Ժիրու Հասաւ Միլանօ

Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող միջազգային յառաջապահ Օլիվիէ Ժիրու երէկ հասաւ իտալական Միլանօ քաղաք: «Քալչիօ Մերքաթօ» յայտնեց, որ ֆութպոլիստը, որ երէկ ենթարկուեցաւ բժշկական քննութիւններու, շուտով պիտի միանայ Ա. Սէ. Միլանի իր նոր խմբակիցներուն, որոնք արդէն իսկ ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարեն: Նշենք, որ Ժիրու Ա. Սէ. Միլան տեղափոխուեցաւ լոնտոնեան Չելսիէն:  

Սերճիօ Ռիքօ Կրնայ  Տեղափոխուիլ Լիլ

Սերճիօ Ռիքօ Կրնայ Տեղափոխուիլ Լիլ

Փարիզ Սեն Ժերմենի բերդապահ Սերճիօ Ռիքօ շատ հաւանական է, որ շուտով լքէ իր ակումբը, այս մասին յայտնեց «Ֆութ Մերքաթօ»: Նշուեցաւ, որ 27 տարեկան սպանացի ֆութպոլիստին ստորագրութիւնը ամէն գնով կ՛ուզէ ձեռք ձգել Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանը` Լիլ: Ռիքօ 2019-էն ի վեր ելոյթ կ՛ունենայ մայրաքաղաքի կազմին հետ:  

Եուվենթուս Նոր Պայմանագրութիւն Մը  Պիտի Չառաջարկէ Ռոնալտոյին

Եուվենթուս Նոր Պայմանագրութիւն Մը Պիտի Չառաջարկէ Ռոնալտոյին

«Սքայ Իտալիա» յայտարարեց, որ իտալական Եուվենթուս ֆութպոլի ակումբը նոր պայմանագրութիւն մը պիտի չառաջարկէ իր 36 տարեկան փորթուգալցի ֆութպոլիստին` Քրիսթիանօ Ռոնալտոյին: Անոր գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2022: Ըստ շրջան ընող լուրերուն, անոր պայմանագրութիւնը չերկարաձգելու պատճառը անոր բարձր աշխատավարձն է: Նշենք, որ ֆութպոլիստը 2018-ին Ռէալ Մատրիտէն տեղափոխուեցաւ Եուվենթուս: Նախորդ տարեշրջանին, ան հանդիսացաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») լաւագոյն ռմբաձիգը` 29 կոլով:

Ճոն Թերի Հեռացաւ Ասթոն Վիլայէն

Ճոն Թերի Հեռացաւ Ասթոն Վիլայէն

Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ լոնտոնեան Չելսիի նախկին յետսապահ Ճոն Թերի լքեց Ասթոն Վիլայի օգնական մարզիչի պաշտօնը, այս մասին յայտնեց Չելսիի պաշտօնական կայքը: 40 տարեկան նախկին ֆութպոլիստը ստացաւ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ի «Փրօ» մարզիչի արտօնագիր` աւարտելէ ետք վերոնշեալ կազմակերպութեան «2021 ԷՖ. ԷՅ. » մարզիչներու դասընթացքը: Այժմ Թերի կրնայ դառնալ արհեստավարժ ֆութպոլի ակումբի մը գլխաւոր մարզիչը:    

Page 482 of 1280 1 … 481 482 483 … 1,280

Արխիւներ