«Թոքիօ-2020». Հայաստանի Ներկայացուցիչները Արձանագրեցին Անբաւարար Արդիւնքներ
- Մահասեն Ֆաթթուհի Տպաւորիչ Ելոյթը - Յովհաննէս Բաչքով Յաղթեց Իր Ազրպէյճանցի Մրցակիցին Եւ Հասաւ Քառորդ Աւարտականին Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ տեղի ունեցող 2020-ի 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուեցան բաւական հետաքրքրական արդիւնքներ: Կռփամարտի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի հաւաքականի անդամ Յովհաննէս Բաչքով, շարունակելով իր յաղթարշաւը, 63 քկ դասակարգի 1-8-րդ հանգրուանին, 4-1 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց ազրպէյճանցի Ճաւիտ...




















