Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան, Ֆրանսայի ազգային խումբի եւ Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա ապաքինեցաւ «Քորոնա» ժահրէն, այս մասին յայտնեց «Մարքա»-ն:
33 տարեկան ֆութպոլիստին մօտ այս ժահրը յայտնաբերուած էր նախորդ 23 յուլիսին, որմէ ետք ան ինքնամեկուսացած էր:
Ժահրին յայտնաբերումէն մէկ շաբաթ ետք անոր քննութեան արդիւնքը եղած էր ժխտական:
Նշենք, որ ան երէկ միացաւ իր ակումբին խմբակիցներուն` պատրաստուելու համար նոր տարեշրջանին: