Երէկ` հինգշաբթի, 29 յուլիսին «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հագրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, Արարատ-Երեւան, որ հիւրը եղաւ Սլասք Վրոքլաւի (Լեհաստան), թէեւ անոր հետ արձանագրեց 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը, սակայն դուրս մնաց մրցաշարքէն` նկատի ունենալով, որ երթին իր դաշտին վրայ կրած էր 4-2 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Երէկուան մրցումին, Արարատ իր հաւասարութեան կոլը նշանակեց մրցումին 89-րդ վայրկեանին: